ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Յունաստանի դեսպան Ալկիա Պալթա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը պիտի աւարտի այս տարուան աւարտին, եւ պէտք է որոնել այն կողմը, որ զայն պիտի փոխարինէ: «Մինչեւ հիմա չենք գիտեր ի՛նչ բան կամ ո՛վ ՖԻՆԻՒԼ-ը պիտի փոխարինէ», նշեց Ապահովութեան խորհուրդի նախագահը: Ան աւելցուց, որ Ապահովութեան խորհուրդը հարցէն տեղեակ է, […]