(0) --> --> Share this: ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, hոկտեմբեր 2-ին բողոքի հաւաք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջով, որ Հայաստանի սահմանը խախտած եւ Սիւնիքի Շաքի բնակավայրին մէջ հայ կնոջ վրայ կրակած ատրպէյճանցի զինծառայողը չարտայանձնուի Ատրպէյճանին։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ զինծառայողը պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած արարքին համար եւ որ անոր վերադարձը Ատրպէյճան տեղի չունենայ իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում»։ Հաւաքի մասնակիցները միաժամանակ շեշտեցին, որ անոր հնարաւոր վերադարձը պէտք է քննարկուի միայն Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման կամ փոխանակման ծիրին մէջ։ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տարօն Մանուկեան յայտարարեց, որ երիտասարդները «մեծ ամօթով» կանգնած են ԱԱԾ-ի շէնքին դիմաց՝ Հայաստանի պետական կառոյցներէն պահանջելու այն, ինչ պետութիւնը ինքնին պարտաւոր է ապահովել։ Մանուկեան ընդգծեց, որ խօսքը Հայաստանի սահմանը խախտած, հայկական բնակավայր հասած եւ հայ կնոջ վրայ կրակ բացած ատրպէյճանցի զինծառայողի մասին է։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ վերջինս կրնայ Ատրպէյճանին վերադարձուիլ «բարի կամքի դրսեւորում» ներկայացուող քայլով՝ առանց հայ գերիներու հարցին մէջ որեւէ փոխադարձ քայլի։ «Միակ նախապայմանը պէտք է ըլլայ հայ գերիի հետ փոխանակումը», շեշտեց Մանուկեան։ Հաւաքի մասնակիցները նաեւ բարձրացուցին սահմանային անվտանգութեան եւ պետական համապատասխան մարմիններու պատասխանատուութեան հարցերը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի տարածք զինուած օտար զինծառայողի ներթափանցումը եւ հայկական բնակավայր հասնիլը լուրջ անվտանգային խնդիրներ կը բացայայտեն։ Ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան կողմէ։
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Դաշնակցական երիտասարդները ԱԱԾ-ի դիմաց պահանջեցին չարտայանձնել հայ կնոջ վրայ կրակած ազրպէյճանցի զինծառայողը
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, hոկտեմբեր 2-ին բողոքի հաւաք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջով, որ Հայաստանի սահմանը խախտած եւ Սիւնիքի Շաքի բնակավայրին մէջ հայ կնոջ վրայ կրակած ատրպէյճանցի զինծառայողը չարտայանձնուի Ատրպէյճանին։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ զինծառայողը պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած արարքին համար եւ որ անոր վերադարձը Ատրպէյճան տեղի չունենայ իբրեւ «բարի […] The post Դաշնակցական երիտասարդները ԱԱԾ-ի դիմաց պահանջեցին չարտայանձնել հայ կնոջ վրայ կրակած ազրպէյճանցի զինծառայողը first appeared on Horizon Weekly.

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Horizon Weekly

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Դամբանական` Ընկհ. Մարալ Մինասեան-Քիւալլահեանի յիշատակին
Horizon Weekly / Oct 9

Գոհաբանական եւ Հունձքի Տօն
Horizon Weekly / Oct 9

European Parliament calls for immediate release of Armenian prisoners held in Azerbaijan
Horizon Weekly / Oct 9

Սիրանուշ Սահակեան Մոնթրէալի մէջ ներկայացուց հայ գերիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող իրաւական աշխատանքները
Horizon Weekly / Oct 9
Related coverage

Homenetmen Toronto 2026-2027 Opening Ceremony
Torontohye / Oct 10

Le Japon soutient la préservation du patrimoine arménien à Etchmiadzine
Abaka / Oct 8

Yerevan, New Delhi discussing production of India’s Pinaka Mk-II rockets in Armenia
Abaka / Oct 8

Czech Senate delegation visits Armenian Genocide Memorial
Abaka / Oct 8