ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան հայաստանեան իրադարձութիւնները ճոխ են. Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի զեկոյցը եւ քննարկումները Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան մասին, Հայ եկեղեցւոյ ճգնաժամին մասին կառավարական զեկոյցի հրապարակումը, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը: Բոլորին մասին մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ: Կ՛ընտրեմ, պարագայաբար, Հայ եկեղեցւոյ «ճգնաժամը»: Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ իր պահանջով ու իրեն ենթակայ հիմնարկի […]