Այսօր կը շարունակուին Եւրոպայի Ազգերու լիկայի մրցումները, եւ երրորդ կարգի Բ. խմբակին մէջ Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Նիկոսիոյ մէջ` Կիպրոսի դէմ: Այս տարեշրջանի Ազգերու լիկայի 3-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որ տարբեր ոճի ֆութպոլ կը կիրարկէ: Կարծէք մոռցած ենք, որ 9 վիրաւոր մարզիկներ ունինք, աւելի՛ն այսօրուան մրցումէն պիտի բացակային […]