Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու վայրը նախ եւ առաջ պէտք է ընկալել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընդհանուր շրջանակին մէջ: Այդուհանդերձ հակամարտող կողմերէն մէկուն տարածքին վրայ բանակցիլը որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ հանգուցալուծման երկկողմանի տրամադրութիւններու առումով: Լրատուութիւնները սակայն այդ ուղղութեամբ չեն: Նոյնիսկ պաշտօնական յայտարարութիւնները` յատկապէս ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններու ձախողման, անոր հետեւելիք ծանր հետեւանքներուն, կամ ընդհանրապէս բանակցային գործընթացի առկախման: Յայտարարութիւններն ու հրապարակումները […]