Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 23-րդ Համագումարը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող կուսակցական կառոյցներէն լիազօրուած պատգամաւորներ։ Ժողովականները գոհունակութեամբ արձանագրեցին վերջին տարիներուն Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան հաստատման, տնտեսութեան ազատականացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման եւ այլ ուղղութիւններով առնուած քայլերը։ Համագումարը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարած բազմաբեւեռ, […]