Երեք աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Քաթարցի միջնորդներուն այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական բեկում յառաջացնելու համար թափած ջանքերը չնչին յառաջընթաց արձանագրեցին, որովհետեւ երկու կողմերէն ոչ մէկը զիջում կատարելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց»: «Այս անել կացութիւնը երկու կողմերուն մօտ կ՛ամրապնդէ այն համոզումը, թէ զինուորական հակամարտութեան վերականգնումը հետզհետէ աւելի հաւանական կը դառնայ: Ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու […]