Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտ Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան եւ ազդեցութեան արձագանգներ» խորագիրով առաջին անհատական ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէր mixed-media 18 գեղանկարներ եւ 86 դիմանկարներ, կը ներկայացնէ գեղեցկութեան, մարդկային էութեան, պատմութեան եւ աշխարհի մասին մեր պատկերացումները ձեւաւորող փորձառութիւններու անհատական ընկալումը: Խտըրլարեան ոգեշնչուած է գեղեցկութեան երեք դրսեւորումներէն` […]