Այս տարի Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Ս. Խաչի Վերացման տօնը: Խաչվերացը Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է, կը յիշատակէ Հերակլ կայսրի կողմէ Քրիստոսի խաչափայտը պարսից գերութենէ ազատագրելը եւ Երուսաղէմ վերադարձնելը: Յաղթական Սուրբ Խաչը հանդիսաւոր թափօրով Կարնի «Էրզրում» քաղաքէն անցնելով կը տարուի Կ. Պոլիս, ուր երեք տարի պահուելէ ետք կը փոխադրուի Երուսաղէմ: Անձամբ կայսրը իր ուսերուն դրած խաչը կը բարձրացնէ գողգոթայի գագաթը: Նախատօնակ Վերացման Սուրբ Խաչի Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2026-ին երեկոյեան ժամը 7.00-ին տեղի ունեցաւ կիրակմուտի ժամերգութիւն նախատօնակ եւ բժշկական աղօթք, զոր կատարեց Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ, Արժ. Տ. Հրաչ Քհնյ. Մուրատեանը, մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյս դպրաց դասին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին ներկայ հաւատացեալները թափօրով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարուեցաւ աղի օրհնութեան կարգը: Մուսա Լերան Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն Եւ Խրախճանք Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2026-ին երեկոյեան ժամը 7.30-ին սկիզբ առաւ Մուսա Լերան հերոսական դիմադրութեան յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւնը եւ մատաղի (հարիսա) օրհնութիւնը, ձեռամբ Արժ. Տ. Հրաչ քահանայի, եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս դպրաց դասի, բարեշնորհ Սարկաւագներու եւ ներկայ հոծ թիւով հաւատացեալներու: Բարի գալուստի ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հովիւի օգնական բրշ. Սարվէն սրկ. Պչաքճեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսական դիմադրութիւնները, ներկաները համտեսեցին համադամ ուտելիքները, ունկնդրեցին հայկական ժողովրդական երգեր, արտասանութիւններ, անպակաս էր նաեւ շուրջպարը, որ ներկաներու մասնակցութիւնը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մինչեւ ուշ գիշեր: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի, Տիկնանց Միութեան անդամ-անդամուհիներու եւ եկեղեցւոյս կամաւորներու կողմէ: Յատուկ շնորհակալութիւն Միրզոյեան ընտանիքին հարիսէի պատրաստութեան անհրաժեշտ մթերքներու հայթայթման համար, իրենց ուխտը ընդունելի ըլլայ: Խաչվերաց Տօնի Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Վերացման Սուրբ Խաչի «Խաչվերաց» տօնին առթիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2026, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ ի ներկայութեան հոծ հաւատացեալներու, օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ, Արժ. Տ. Հրաչ Քհնյ. Մուրատեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչվերացի խորհուրդին, իմաստին եւ նշանակութեան մասին: Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհ Սարկաւագներ եւ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բրշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնահարի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Սոնա Արթինեանի: Ս. պատարագի աւարտին թափօրով կատարուեցաւ Անդաստանի կարգը որու ընթացքին օրհնուեցաւՍ. Խաչի տօնը խորհրդանշող ռեհանը, կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը մաս կազմեցին թափօրին, նոյն օրը վերամուտն էր եկեղեցւոյս «Սուրբ Էջմիածին» կիրակնօրեայ վարժարանի, այս առթիւ կը մաղթենք ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն օրհնաբեր եւ արդիւնաւէտ 2026-2026, ուսումնական տարեշրջան մը: Յաւարտ Ս. Պատարագի, հաւատացեալներուն բաշխուեցաւ օրհնուած ռեհան, նաեւ նախորդ օրը Մուսա Լերան ոգեկոչման առիթով պատրաստուած եւ օրհնուած «Հարիսա»ն: Թող Քրիստոսի կենարար Սուրբ Խաչը միշտ հովանի եւ զօրութիւն ըլլայ մեր ընտանիքներուն եւ ժողովուրդին: Յիշատակ Մեռելոց Վերացման Ս. Խաչի յիշատակ մեռելոցի առթիւ Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 14, 2026-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Եորք» գերեզմանատան, հայկական բաժնի, Մեծ Եղեռնի Յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցաւ հաւաքական հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ ննջեցեալներու հոգիներուն:
Google Translate API error 403: { "error": { "code": 403, "message": "User Rate Limit Exceeded", "errors": [ { "message": "User Rate Limit Exceeded", "domain": "usageLimits", "reason": "userRateLimitExceeded" } ] } }
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնին Առթիւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ եւ Ռեհանօրհնէք

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

Հրազդանէն՝ արհեստական բանականութեան աշխարհ. Firebird-ի մեծ նախագիծը եւ Հայաստանի նոր արհեստագիտական ուղին
Abaka / Oct 6

La Russie propose de rétablir ses tronçons de chemin de fer
Abaka / Oct 6

La Biélorussie exhorte l’Arménie à ne pas quitter l’Union économique eurasienne
Abaka / Oct 6

Pour l’Arménie, la détention de 19 Arméniens en Azerbaïdjan est un problème humanitaire
Abaka / Oct 6
Related coverage

Կաթողիկոսը իրաւաբաններու եւ իրաւապաշտպաններու հետ քննարկեց Եկեղեցւոյ դէմ կառավարութեան զեկոյցն ու քննիչ յանձնաժողովը
Horizon Weekly / 14 hours ago

Pashinyan-ordered report targets alleged ‘crisis’ within Armenian Apostolic Church
Horizon Weekly / Sep 24

Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղերձը Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով
Horizon Weekly / Sep 21

Trump meets Armenian clergy at White House as ANCA calls for action on Artsakh, detainees and Azerbaijan
Horizon Weekly / Sep 17