Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան յայտնած է, որ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը կը նախատեսուի հրապարակել մինչեւ 2026 տարեվերջ՝ գործընկերներու հետ քննարկումները ամփոփելէ ետք։ Նախարարը միաժամանակ հերքած է համացանցին վրայ շրջանառուած փաստաթուղթը՝ շեշտելով, որ անիկա որեւէ առնչութիւն չունի նախարարութեան կողմէ մշակուած բնագիրին հետ եւ երբեք չէ հանդիսացած աշխատանքային կամ սեւագիր տարբերակ։ Գալեանի համաձայն, նախագիծի հրապարակումէն ետք անիկա պիտի դրուի լայն քննարկումներու՝ ներգրաւելով թէ՛ իշխանական, թէ՛ ընդդիմադիր շրջանակները, ինչպէս նաեւ այլ շահագրգիռ կողմեր։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ հրապարակուելիք բնագիրը վերջնական պիտի չըլլայ, այլ պիտի անցնի հետագայ քննարկումներու եւ ճշգրտումներու փուլերէ, որոնց ընթացքին հնարաւոր են փոփոխութիւններ։