Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը հոգեկան ցնծութեամբ յիշատակուեցաւ Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչին եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։ Ս. Գէորգ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ դպրաց դասը Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց։ Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր (Բ.Կր 1.3-7), որուն ընդմէջէն Սրբազան Հայրը կարգ մը մտածումներ կիսեց ներկաներուն հետ։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուած է ողորմութեան եւ գթութեան աղբիւրը եւ Տիրոջմէ հեռու չկայ սէր, գթութիւն, ողորմածութիւն եւ մխիթարութիւն։ Ան նշեց, թէ առաքեալը իր օրինակով մեզ կը յիշեցնէ, թէ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ մեր կողքին կ՚ունենանք Աստուծոյ գթառատութիւնն ու ողորմածութիւնը, սակայն այդ չի նշանակեր, որ Աստուած նեղութիւնները պիտի վերացնէ, ընդհակառակը, յաճախ թոյլ կու տայ, որ դժուարութիւններ պատահին, որպէսզի մեր հաւատքին մէջ աւելիով զօրանանք, յոյսով կառչինք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւնը եւ առաջնորդութիւնը զգալով մեր մէջ՝ հոգեկան սրբութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուինք։ Դժուարութիւններու կը մատնուինք նաեւ, որպէսզի հաւատքի մէջ զօրանալով փորձառութիւն ձեռք բերենք եւ մեր նմաններուն ու հաւատքի մէջ տկար եղողներուն օգնենք։ Սրբազան Հայրը հաւատքի կեանք ապրելու համար կարեւորեց որպէս քրիստոնեայ շրթներու արտաբերումէն անդին Քրիստոսի կառչած մնալու եւ անոր նմանելու ձգտումը, որպէսզի Յաւիտենական Կեանքին արժանի դառնանք։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Ս. Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներուն, առաքեալներուն եւ սուրբերուն ճամբով կը հրաւիրուինք մեր հաւատքը ինքնաքննութեան ենթարկելու, որպէսզի տեսնենք, թէ որքանո՛վ հաղորդակից կը դառնանք սուրբերու հոգեղէն ներկայութեան եւ այդպիսով մեր հոգեւոր պայքարը շարունակենք։ Ինչպէս նաեւ, անհրաժեշտ է, որ Ս. Խաչի նշանին հայելով հաղորդակից դառնանք Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ առաւել զօրանալով օգնենք մեր նմաններուն։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ներկաները եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ան շնորհաւորեց Գէորգ եւ Ճորճ, նաեւ Խաչօ, Խաչիկ, Խաչատուր, Խեչօ, Խիչիր եւ Նշան անունները կրողները։ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ դպրաց դասը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։ Այս առիթով կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։