24 Սեպտեմբերին հրապարակուեցաւ «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ լուծման ուղիներուն մասին» զեկուցումը: Անիկա կազմուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ, որ անցեալ տարուընէ կը փորձէ գահէն հեռացնել Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` ներկայացնելով շարք մը լուրջ մեղադրանքներ: Վարչապետի աշխատակազմին մաս կազմող Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին զեկուցումը կ՛առաջարկէ ճգնաժամի յաղթահարման հինգ քայլէ բաղկացած ճամբու քարտէս. 1.- Բարենորոգման օրակարգի վերայստակացում եւ հանրահռչակում, 2.- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացումը (հանգստեան կոչուիլը), 3.- Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն, 4.- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միասնական կանոնադրութեան ընդունումը, 5.- Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն: «Սոյն զեկուցումը չի վիճարկեր եկեղեցւոյ դաւանաբանական հիմքերը, սրբազան աւանդութիւնը եւ կանոնական կարգը: Հակառակը` ան կը փաստագրէ նոյնինքն այդ հիմքերու խախտումները` ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ ինքնութեան եւ ինքնավարութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Զեկուցումին մէջ փաստագրուած են 16 կէտեր, որոնցմով, ըստ գործադիր իշխանութեան, կ՛արտայայտուի ճգնաժամը: Անոնց շարքին են. . կուսակրօնութեան ուխտի խախտումը եւ բարեվարքութեան խախտումներու անպատժելիութիւնը, հոգեւորականներու կամայական հետապնդումները եւ կարգալուծութիւնները, ֆինանսական անթափանցիկութիւնը եւ եկեղեցապատկան գոյքի ոչ նպատակային օգտագործումը, ազգակցական ձեռնադրութիւնները եւ խմբակային կառավարումը, Սուրբ խորանի քաղաքականացումը եւ արտաքին ազդեցութիւններու տարածումը, Ազգային-եկեղեցական ժողովի 27-ամեայ խափանումը եւ միասնական Սահմանադրութեան բացակայութիւնը, պառակտումները սփիւռքի թեմերուն մէջ: Այս զեկուցումին մէջ կը ներկայացուին նաեւ պնդումներ, որոնց շարքին` հոգեւորականներու սեռային կեանքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ հիմնուած են Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն տարբեր պատճառներով դժգոհ տարբեր հոգեւորականներու հարցազրոյցներուն վրայ: Թէեւ Առաքելական եկեղեցին իր տնօրինած գոյքին բերումով Հայաստանի մեծ հարկատուներէն է, սակայն զեկուցումին մէջ նաեւ ծաւալուն անդրադարձ կայ ֆինանսական թափանցիկութեան խնդիրներուն: Մայր Աթոռը Կը հակադարձէ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարեց, որ «կառավարութեան կողմէ հրապարակուած Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մասին այսպէս կոչուած զեկուցումը իր բովանդակութեան եւ ձեւին մէջ հակասահմանադրական է, հակականոնական եւ անօրինական»: «Պետական միջոցներու մսխումով` ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած մեղադրանքներու ու յերիւրանքներու հիման վրայ շարադրուած «զեկուցումը» դրսեւորումն է քաղաքական հաշուեյարդարի, քինախնդրութեան եւ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին դատապարտելի միջամտութեան», կը պնդէ Մայր աթոռը: «Եկեղեցւոյ տկարացման, եկեղեցականութեան հեղինակազրկման համար որդեգրուած սոյն դատապարտելի քաղաքականութիւնը երբեք չի կրնար ծառայել հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարիքին, միասնականութեան ամրապնդման, առաւել եւս արտաքին անվտանգային սպառնալիքներու յանդիման` առկայ փորձութիւնների դիմագրաւմանը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ «ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ». Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
24 Սեպտեմբերին հրապարակուեցաւ «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ լուծման ուղիներուն մասին» զեկուցումը: Անիկա կազմուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ, որ անցեալ տարուընէ կը փորձէ գահէն հեռացնել Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` ներկայացնելով շարք մը լուրջ մեղադրանքներ: Վարչապետի աշխատակազմին մաս կազմող Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին զեկուցումը կ՛առաջարկէ ճգնաժամի յաղթահարման հինգ քայլէ […] The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ «ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ». Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ appeared first on Գանձասար.

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Kantsasar (Gandzasar) / 15 hours ago

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ՀՕՄ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ
Kantsasar (Gandzasar) / 15 hours ago

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻՆ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 11

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 11
Related coverage
No related coverage from other sources yet.