Շաբաթ գիշեր Լիբանանի եւ Ուասլի վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատի 104-81 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի Ինտիըն Ռէյլուէյզ խումբը: Առաջին մասին ետ մնալէ ետք 1 կէտով (24-25), Ռիատի լաւ ձեւով պաշտպանեց եւ բաւական կայուն ձեւով շարունակեց մրցումը: Պէտք է ըսել, որ Ռիատի նոր օտարներով կը խաղար: Զաք Լոֆթըն, Նիքոլա (Նիք) Ուեսթ եւ Տոնավըն Ուիլիամս միացած էին խումբին […]