Ի՞նչ կը զգանք, երբ ամռան ազատութիւնը կը փոխարինուի դպրոցական զանգի ծանօթ հնչիւնով։ Մէկ կողմէ ամռան քաղցր յիշողութիւնները, միւս կողմէ նոր տարեշրջանի անհամբեր սպասումը պատասխանատուութեան կը հրաւիրեն մեզ վստահաբար։ Վերամուտը այն պահն է, երբ նախորդ տարուան փորձառութիւնը կը վերածուի նոր նպատակներու: Դպրոցական կեանքին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր նպատակներն ու երազանքները, սակայն կան աշակերտներ, որոնք իրենց հետեւողական աշխատանքով եւ նուիրումով կը յաջողին անպայման հասնիլ իրենց թիրախին։ Առաջնակարգ աշակերտ ըլլալ միայն բարձր նիշ ապահովել չի նշանակեր, անիկա ժամանակը ճիշդ օգտագործելու, պարտաւորութիւնները պատասխանատուութեամբ կատարելու, դժուարութիւնները յաղթհարելու եւ միշտ աւելի լաւին ձգտելու կարողութիւնն է։ Իսկ ի՞նչ սովորութիւններու կը հետեւին անոնք, ինչպէ՞ս կը կազմակերպեն իրենց օրը եւ ի՞նչն է իրենց յաջողութեան իսկական գաղտնիքը։ Այս մտերմիկ հարցազրոյցով փորձեցինք ծանօթանալ2025-2026 տարեշրջանի պաքալորիայի պետական քննութիւններու Հալէպի հայկական վարժարաններու առաջնակարգ աշակերտներու մտածելակերպին ու յաջողութեան ուղիին։ Վարժարաններու հայ աշակերտներու բարձրագոյն նիշը ապահովեց եւ առաջին հանդիսացաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Ալեքս Արամեան։ Ալեքսին ուղղեցի հետեւեալ հարցումները. Ս. Մ. – Ձեր կարծիքով առաջնակարգ ըլլա՞լն է կարեւորը, թէ բարձրագոյն ուսման ճամբով նպատակ մը հետապնդելն ու անոր հասնիլն է, ինչո՞ւ։ -Իմ կարծիքով, աւելի կարեւոր է բարձրագոյն ուսման ճամբով նպատակ մը հետապնդելն ու անոր հասնիլը։ Առաջնակարգ ըլլալը անշուշտ հաճելի է եւ կը վկայէ աշխատասիրութեան մասին, սակայն իրական յաջողութիւնը միայն ուրիշներէն առաջ անցնիլը չէ, ժամանակաւոր հրճուանքը չէ։ Կարեւոր է ունենալ յստակ նպատակ, հետեւողականօրէն աշխատիլ եւ ձեռք բերել այնպիսի գիտելիքներ ու կարողութիւններ, որոնք ապագային օգտակար պիտի ըլլան։ Ս. Մ. – Ունի՞ք սովորութիւն, զոր կը կարծէք՝ ուրիշ աշակերտներ ալ պէտք է որդեգրեն։ -Իմ կարծիքով ամենակարեւոր սովորութիւններէն մէկը ժամանակը լաւ կառավարելն է։ Ուսման ընթացքին պէտք է նաեւ կանոնաւոր դադարներ առնել, հանգստանալ եւ քիչ մը հեռանալ աշխատանքէն։ * * * Ալեքսին հետ զրուցելէ վերջ, դիմեցի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան – Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն Գօգո Խտրլարեանին, որ հայկական վարժարաններու երկրորդ բարձրագոյն նիշը ապահոված էր։ Ս. Մ. – Ձեր կարծիքով՝ առաջնակարգ աշակերտ ըլլալու համար անհրաժեշտ է խելացի՞ ըլլալ, թէ՝ հետեւողական ու աշխատասէր։ -Աշխատասէր եւ միշտ հետեւող ըլլալը վստահ շատ լաւ բան է, բայց իմ կարծիքով խելացի ըլլալը աւելի կարեւոր է։ Երբ աշակերտը խելամիտ ըլլայ, կը գիտնայ նիւթը սորվելու ճիշդ ձեւը, կը կեդրոնանայ եւ ճիշդ ձեւով կը դասաւորէ սորվելու գործընթացը։ Ս. Մ. – Երբ դասերու եւ անձնական ժամանակի միջեւ ընտրութիւն պիտի կատարէք, ինչպէ՞ս կը գտնէք ճիշդ հաւասարակշռութիւնը։ -Ճիշդ հաւասարակշռութիւնը գտնելը անձէ-անձ կը տարբերի։ Իմ պարագայիս, անձնական հանգստութիւնս կարեւոր է, քանի երբ աշակերտը առանց ճնշումի կը սորվի, աւելի լաւ արդիւնք կու տայ։ * * * Վերջին հարցումս ուղղեցի հայկական վարժարաններու երրորդ բարձրագոյն նիշը ապահոված, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանէն Փաթիլ Գասարեանին։ Ս. Մ. – Երբ դաս կը սորվիք, միայն քննութեա՞ն համար կը սորվիք, թէ կը փորձէք իսկապէս հասկնալ, իւրացնել զայն։ Ինչո՞ւ։ -Երբ դաս կը սորվիմ, կը փորձեմ ոչ միայն քննութեան համար սորվիլ, այլեւ խորապէս հասկնալ նիւթը, որովհետեւ միայն անգիր սորված տեղեկութիւնը կրնայ արագ մոռցուիլ։ Մինչդեռ երբ դասը հասկնամ, աւելի դիւրաւ կը յիշեմ զայն եւ կրնամ իմ բառերով բացատրել զայն ուրիշներուն։ Բացի ատկէ, հասկնալով սորված գիտելիքը կրնամ օգտագործել նաեւ ուրիշ հարցումներու կամ նոր իրավիճակներու մէջ։ Քննութիւնը անշուշտ կարեւոր է, բայց ես կը կարծեմ, որ ուսման հիմնական նպատակը նոր գիտելիքներ ձեռք բերելն ու զանոնք ապագային արդիւնաւէտ դարձնելն է։ Ս. Մ. – Ինչպէ՞ս կը դասաւորէք ձեր օրուան ժամերը, որպէսզի թէ՛ դասերը սորվիք, թէ՛ հանգստանալու ժամանակ ունենաք։ -Նախ կ’որոշեմ, թէ որքա՛ն ժամանակ պէտք է տրամադրեմ իւրաքանչիւր դասի։ Դասերս կը բաժնեմ մասերու եւ ժամանակ առ ժամանակ փոքր դադարներ կ’առնեմ։ Այս ձեւով աւելի կազմակերպուած կ’ըլլամ: * * * Այս գեղեցիկ եւ ներշնչող զրոյցէն ետք կարելի է վստահութեամբ ըսել, որ յաջողութիւնը միայն բարձր նիշերու մէջ չէ, այլ՝ աշխատասիրութեան, պատասխանատուութեան եւ նպատակասլաց ըլլալու մէջ միաժամանակ։ Անոնց ձեռքբերումները թող ըլլան ոգեշնչման աղբիւր բոլոր աշակերտներուն համար, իսկ նոր ուսումնական տարին թող ըլլայ նոր նպատակներու, նոր յաղթանակներու եւ նոր երազանքներու սկիզբ։ Հարցազրոյցը վարեց Սէրլի Մկրտիչեան
3 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՄՏԵՐՄԻԿ ԶՐՈՅՑ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՔԱԼՈՐԻԱՅԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ի՞նչ կը զգանք, երբ ամռան ազատութիւնը կը փոխարինուի դպրոցական զանգի ծանօթ հնչիւնով։ Մէկ կողմէ ամռան քաղցր յիշողութիւնները, միւս կողմէ նոր տարեշրջանի անհամբեր սպասումը պատասխանատուութեան կը հրաւիրեն մեզ վստահաբար։ Վերամուտը այն պահն է, երբ նախորդ տարուան փորձառութիւնը կը վերածուի նոր նպատակներու: Դպրոցական կեանքին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր նպատակներն ու երազանքները, սակայն կան աշակերտներ, որոնք իրենց […]

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ՝ ՀՀ ԱԱԾ ՇԷՆՔԻՆ ԱՌՋԵՒ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 5

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԵՏԵՒԵՑԱՒ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 5

ՍՈՐՎԻՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԷՏԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 3

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆԸ ԱՊՕՐԻՆԱԲԱՐ ՀԱՏԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ ԵՒ ԿՐԱԿԱԾ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ՄԸ ՈՏՔԻՆ. ԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 3
Related coverage
No related coverage from other sources yet.