Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Խորէն Ա. Կեդրոնի հոգաբարձութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Կեդրոնի գործունէութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն հետաքրքրութեան եւ հայրական զօրակցութեան համար։ Ապա, հոգաբարձութեան անդամները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին անցնող շրջանին իրագործուած գլխաւոր