Մեծ քսանեակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման մասին խօսիլը կանխահաս նկատեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու, տակաւին որոշում չէ տրուած: Մենք իրօք երախտագիտութեամբ կ՛ընդունինք այդ սիրալիր հրաւէրը, կը գնահատենք զայն, բայց եւ այնպէս անիկա պէտք է սերտուի, անկէ ետք համաձայնեցուի, […]