Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 45-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Գրադարանի տնօրէնութեան, աշխատակազմին, Հանդէսի մեծաթիւ աշխատակիցներու, բարեկամներու, հայագիտութեան մշակներու եւ մտաւորականներու: Շնորհահանդէսի բացումը կատարեց Հիմնարար գրադարանի տնօրէն տիկ. Մայա Գրիգորեանը, որ ուրախութիւն յայտնեց Հանդէսի շնորհահանդէսին՝ Հիմնարար գրադարանին մէջ կայացման: Գրիգորեան բարձր […]