Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շնորհաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց ու միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան տօնին առիթով: «Համոզուած եմ, որ ռուս-հայկական համապարփակ համագործակցութեան պահպանումը, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նախարարութիւններուն միջեւ աշխուժ երկխօսութիւնը, կը համապատասխանէ մեր երկիրներու ժողովուրդներու փոխադարձ շահերուն: Կը մաղթեմ ձեզի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեամբ […]