Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն նշանակալից էջերէն մէկը` Մուսա Լերան հերոսամարտը: Մուսա Լերան հերոսամարտը պատմական դէպք մը չէ միայն: Ան հայ ժողովուրդի կամքին, արժանապատուութեան, միասնականութեան եւ գոյատեւելու վճռականութեան վկայութիւնն է: 1915-ին, երբ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի, Մուսա Լերան հայութիւնը մերժեց ենթարկուիլ իր ճակատագիրը որոշող բռնութեան: […]