Այս առաւօտ` Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2026֊ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մօտ Վենեզուելայի դեսպան Խոսէ Կրէկորիօ Պիոմորկի (José Gregorio Biomorgi), իր խորհրդականներուն ընկերակցութեամբ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վենեզուելայի հայոց հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու