1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման այգաբացէն քանի մը տարի ետք յաջորդեց Արցախի ազատագրութեան յաղթանակը, առիթ տալով երթալու աւելի առաջ քան անհրաժեշտ էր ըստ դիւանագիտական թելադրութեան, որ մեր մէջ պակսած էր ատենին։ Զգացական խանդավառութեամբ միայն ատեն մը պահեցինք ազատագրուած հողերը, առանց աշխատանք տանելու զայն հայերով բնակեցնելու։ Իսկ երբ Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ, նոյնպէս ձեռնածալ մնացինք […]