21 Սեպտեմբեր 1991: Ո՜րքան ուրախութիւն պատճառած էր այս թուականը: Ո՜րքան հպարտութիւն: Ո՜րքան գոհունակութիւն: Ո՜րքան լիութիւն: Ո՜րքան ջերմութիւն: Բայց նաեւ՝ Ո՜րքան պատասխանատուութիւն: Ո՜րքան օրինապահութիւն: Ո՜րքան լրջութիւն: Ո՜րքան կազմակերպչականութիւն: Ո՜րքան կառչածութիւն: Չէ՞ որ դարեր շարունակ զրկուած էր հայ ժողովուրդը անկէ, զլացուած էր անոր էութենէն, յափշտակուած ու պղծուած էր, սեփականացուած եւ իւրացուած, անճիտուած եւ անարգուած, խոշտանգուած եւ յօշոտուած: […]