Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ հաղորդեց, որ Երկուշաբթի վաղ առաւօտեան, Հալէպի հարաւային արուարձանի Այս աւանին մէջ գտնուող զինամթերքի պահեստի մը պայթումին հետեւանքով, նախնական տուեալներով քաղաքացի մը վիրաւորուած է բեկորներէ, երկու ուրիշներ ենթարկուած են ժամանակաւոր շնչարգելութեան, իսկ չորրորդ քաղաքացի մը վիրաւորուած է ճանապարհային արկածի հետեւանքով, երբ կը փորձէր հեռանալ շրջանէն: Աղբիւրին համաձայն, շտապօգնութեան ջոկատները անմիջապէս փոխադրած են վիրաւորները հիւանդանոցներ եւ տարհանած՝ վայրի շրջակայքէն 3 ընտանիք, մինչ հրշէջ եւ փրկարար խումբերը կը շարունակեն մնալ պատրաստ վիճակի մէջ, որովհետեւ պայթումները տակաւին կը շարունակուին: Աղէտներու կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու տնօրէնութեան Հալէպի գործողութիւններու հրամանատար Ֆայսալ Մուհամմետ Ալի ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ պայթումներուն շարունակուիլը սկզբնական շրջանին դժուարացուցած էր շտապօգնութեան եւ փրկարար խումբերու հասնիլը դէպքի վայր, սակայն աւելի ուշ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ջոկատները յաջողած են մտնել շրջան եւ տարհանել չորս վիրաւորները: Ալի աւելցուց, որ խումբերը կամաւոր կերպով կը շարունակեն դէպքի վայրին մօտակայ տուներու տարհանումը եւ դէպի շրջան տանող ճանապարհներուն փակումը՝ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պահպանելու եւ փրկարարական գործողութիւնները դիւրացնելու համար: