Սոֆիայի մէջ 16 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի եւ Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահի տեղակալ Տենիզ Կիւլերի հանդիպումը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած են Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովէն: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին հեռարձակման ոլորտին մէջ առկայ զարգացումները եւ արդի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կարգաւորող մարմիններու գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: […]