Չորս անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան 4 անգամ պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան նուաճեց «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) լիկայի թեթեւագոյն կշիռի ախոյեանութեան գօտին: Մայեմիի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ 13» մրցաշարքի գլխաւոր տիտղոսի մենամարտին, 26 տարեկան հայ ըմբիշը պարտութեան մատնեց ամերիկացի Օսթըն Տէ Սանթոն: Առաջին ռաունտին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Արսէն Յարութիւնեան կորսնցուց իր առաւելութիւնը, բայց […]