Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի, զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, այցելեց Լաթաքիոյ միջազգային օդակայան: Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ հաղորդեց, որ այցելութենէն ետք նախարար Շայպանի հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտօնատարներու հետ՝ հետեւելու երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագրի գործադրութեան ընթացքին: Յայտնենք, որ Սուրիա 9 Օգոստոսին յայտարարած էր Ռուսիոյ հետ փոխըմբռնումի մը հասնելու մասին, որ կը ճշդէ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի ռուսական երկու ռազմակայաններու ճակատագիրը, երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ ռուսական ներկայութեան վերակազմակերպումը սուրիական ծովեզերքին վրայ, իսկ սուրիական պետութիւնը իր ստանձնէ քաղաքացիական բնոյթ ունեցող հաստատութիւններու կառավարումը, յատկապէս Հմէյմիմի օդակայանն ու Թարթուսի նաւահանգիստի չորրորդ առեւտրական նաւամատոյցը, զանոնք աստիճանաբար ներառելով քաղաքացիական վարչութեան համակարգին մէջ: