Ռուսիոյ մէջ երէկ ընթացք առին Պետական տումայի ընտրութիւնները: Քուէարկութիւնը պիտի տեւէ երեք օր` մինչեւ 20 սեպտեմբեր: Քուէարկութիւն տեղի կ՛ունենայ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ: 450 աթոռներէ բաղկացած Տումայի ընտրութիւններուն կը մասնակցին 10 կուսակցութիւններ` իշխող «Ետինիա Ռոսիա»-ն, Համայնավար կուսակցութիւնը, ԼԴՊՌ-ն, «Նովիէ լիուտի»-ն, «Սփրավետլիավայա Ռոսիա»-ն եւ այլն: Իշխող կուսակցութեան ընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ […]