Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը 21-30 սեպտեմբերին հիւրախաղերով ելոյթ պիտի ունենայ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ` ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին նուիրուած համերգային ծրագիր: Յիշեալ համերգներուն իբրեւ մենակատար ելոյթ պիտի ունեայ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Հնդկաստանի մէջ համերգները պիտի հովանաւորէ Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը: Համերգաշարի մեկնարկը […]